2012-06-21 12:59:35

Հոգեւոր Երգահանդէս` Գ. Հարպոյեան Վարժարանի


Չորեքշաբթի, 20 յունիս 2012-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, հայկական շարականներու եւ հոգեւոր երգերու երկրպագուները եկած էին Զալքայի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահ` իրենց հոգեկան եւ երաժշտական ծարաւը յագեցնելու:
Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Գ. Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութիւնը, իր հիմնադրութեան 25-ամեակի տօնակատարութիւններուն ծիրին մէջ, նախաձեռնեց այս հոգեւոր երգահանդէսին, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան եղբայր Ղազար Պետրոսեան եւ Սոնիկ Փամպուքեան, որոնք օրհներգներ բարձրացուցին առ Աստուած` փառաբանելով Զինք:
Ձեռնարկը կը վայելէր նախագահութիւնը եւ ներկայութիւնը՝ Գաբրիէլ Թ. Ծ. վրդ. Մուրատեանի (պատրիարքական փոխանորդ Զմմառեան միաբանութեան), ներկայ էին կղերական հայրեր եւ երաժշտասէր խաւ մը:
Բացման խօսքով Լիւսի Տէօքմեճեան նշեց, որ «քառորդ դարեայ իր երթին ընթացքին, հայ քրիստոնէական հաւատամքին կառչած մնացած Հարպոյեան վարժարանը, որ կը հաւատայ, թէ հայ դպրոցը աւելի զօրաւոր եւ հաստատուն է հայ եկեղեցիով, այսօր մեզի կ’ընծայէ առիթ մը` հաղորդուելու Նարեկացիի, Շնորհալիի, Կոմիտասի եւ այլոց յօրինած շարականներու ոգիով»:
Յայտագիրը կ՝ընդգրկէր Կոմիտաս վարդապետի «Տէր ողորմիա» շարականը ու այլ շարականներ ու սաղմոսներ գովերգելով Արարիչն ու Աստուածամայրը:
Աւարտին բեմ բարձրացաւ վարժարանի տնօրէն Ռիթա Պոյաճեան, որ ըսաւ, թէ «Հարպոյեան վարժարանը այսօր հանրութեան ներկայացաւ իր հոգեւոր դիմագիծով, որովհետեւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան հարազատ զաւակը եղող եւ անոր ուղեգիծով եւ սկզբունքներով գործող այս կրթօճախը, եղած է ու կը մնայ հայ աշակերտին մարդակերտման նուիրական դարբնոցը, որովհետեւ կը հաւատայ, ինչպէս բանաստեղծներու իշխան Վահան Թէքէեան կ’ըսէ, որ «եկեղեցին հայ հոգիին եւ մարմնոյն զրահահանդերձն է փայլուն»:
Հուսկ, գերապայծառ Գաբրիէլ Մուրատեան իր խօսքին մէջ Աստուծոյ օրնութիւնը հայցեց վարժարանի տնօրէնութեան, դասատուներուն եւ աշակերտներուն համար: Ան ըսաւ, թէ «վարժարանին ընտրած մարդակերտումի, հայակերտումի եւ յաջողութեան հասնելու բնաբանը շատ էական է, եւ ուսեալ ու յաջող անհատներ հասցնելու կողքին շատ կարեւոր է նաեւ իբրեւ քրիստոնեայ յաջող երիտասարդներ պատրաստելու հայ վարժարանին տարած աշխատանքը»:









All the contents on this site are copyrighted ©.